Aleppo Compatriotic Charitable Organization - NGO
Aleppo Compatriotic Charitable Organization-NGO (Aleppo-NGO) is the leading grassroots organization supporting Syrian refugees in Armenia through the provision of humanitarian assistance and the protection of their human, refugee, and labor rights. Since December 2017, the organization amended its charter to cover other displaced and vulnerable populations through its relief, capacity building, income generation, and other short-term projects and long-term programs.
05/03/2026
💐 Գարունը նոր շունչ է, նոր յոյս, նոր սկիզբ 💐
🌺 Այս թարմութեամբ եւ ջերմութեամբ անցուցինք "ՀԱԼԷՊ" կազմակերպութեան Տիկնանց Յանձնախումբի պատրաստած՝ "Գարունն ու մենք" միջոցառումը։
🤩 Այս օրը լի էր ժպիտներով, գարնանային տրամադրութեամբ, ջերմ խօսքերով ու հաճելի անակնկալներով։
🙋 Յանձնախումբի անունով՝ Վանիա Գարաճեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ներկաներուն մաղթեց հաճելի ժամանց։
🎶 Հնչեցին սիրոյ ու գարնան երգեր, Աւետ նուագխումբի (Aved band) կատարողութեամբ։ Ներկաները խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած՝ իրենց քաղցր ձայներով ընկերակցեցան նուագխումբին եւ միջոցառումը տօն դարձուցին։
🌟 Միջոցառման ընթացքին օրուան երկու բախտաւորներ ընտրուեցան, որոնցմէ մէկուն նուէրը տրամադրած էր՝ տիկին Սիւզի Սագոն։
🌷 Սրահը զարդարուած էր գարնանային նուրբ ու գեղեցիկ ձեւաւորմամբ, որ օրը դարձուցած էր աւելի լուսաւոր ու տօնական։
🎁 Գարնանային գոյներով վիճակահանութեան մոմերու վաճառքէն, ներկաները ստացան հաճելի նուէրներ եւ անակնկալներ։
🙏 Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն "ՀԱԼԷՊ " կազմակերպութեան աշխատանքը։ Վստահ ենք, որ միասին կրնանք կեանքի կոչել բազմաթիւ գեղեցիկ նախաձեռնութիւններ եւս, որոնց հասոյթով թիկունք կը կանգնինք մեր հայրենակիցներուն։
🪷 Յատուկ շնորհակալութիւն մեր Տիկնանց յանձնախումբին՝ համեղ հիւրասիրութեան եւ նուիրումով կատարուած աշխատանքին համար։
#հալէպհբհկ #գարուն #բարեսիրական
04/12/2025
🌲 "Հալէպ" կազմակերպութեան Տիկնանց յանձնախումբը 2 Դեկտեմբեր, 2025-ին, կազմակերպած էր ջերմ ու յիշարժան "Նոր Տարուան Նախօրեակին" վերնագրով միջոցառում, լի ժպիտներով, շնորհաւորանքներով եւ տօնական տրամադրութեամբ։
🎉 Միասնականութեան ու սրտի ջերմութեան մթնոլորտ կը տիրէր ամենուր, հնչեցին գեղեցիկ մաղթանքներ, եղան հաճելի անակնկալներ, նուէրներ եւ ուրախ պահեր, որոնց շնորհիւ բոլոր ներկաները զգացին Ամանորի իսկական շունչը։
🎤 Տիկին Սալբի Գարակիւլեան ներկաներուն դիմաւորեց բարի գալուստի խօսքով եւ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
🎂 Միջոցառման ընթացքին նշուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 12-րդ տարեդարձը։ Կազմակերպութեան հիմնադիր եւ գործող անդամները միասին հատեցին կարկանդակը, մաղթելով կազմակերպութեան յաջող ընթացք եւ նորանոր նուաճումներ։
🎙️ "Հալէպ" Կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ՝ տիկին Անի Պալխեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, 12 տարիներու՝ բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն, ի մասնաւորի՝ Նիու Եորքի՝ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի խորհուրդի փոխնախագահ, մշտական նուիրատու՝ տիկին Գարմէն Կիւլպէնկեանին, որ ներկայ էր միջոցառմանը։
🎁 Ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ տարեկան վիճակահանութեան խաղարկութիւնը, որուն նուէրն էր 100.000֏-ի նուէր-քարտ։
🧑🎄 Կաղանդ պապային մասնակցութիւնն ու նուէրները երջանկութիւն ու ժպիտ պարգեւեցին ներկաներուն։
💝 Շնորհակալ ենք բոլոր մասնակիցներուն ներկայ գտնուելու, իրենց ջերմութեամբ ու մասնակցութեամբ օրը առաւել տօնական դարձնելու համար։
💖 Թող գալիք տարին ըլլայ խաղաղ, յաջողութիւններով լի եւ բարութիւն բերող իւրաքանչիւր ընտանիքի։
🫰 Նշենք, որ վերոնշեալ միջոցառման հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան շահառու կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Click here to claim your Sponsored Listing.
Contact the organization
Address
11 Northern Avenue
Yerevan
0019
Opening Hours
| Monday | 12:00 - 18:00 |
| Tuesday | 12:00 - 18:00 |
| Wednesday | 12:00 - 18:00 |
| Thursday | 12:00 - 18:00 |
| Friday | 12:00 - 18:00 |